2012-07-13 15:44:20

Զուիցերիոյ Կաթողիկէներու Նպաստը Էմիլիա-Ռոմանիա Թեմի Երկրաշարժի Զոհ` Բնակչութեան։


Լուկանօ քաղաքի Կաթողիկէները աւելի քան 150 հազար ֆրանք հաւաքած են որպէս օժանդակութիւն՝ երկրաշարժի զոհ Իտալիոյ Էմիլիա Ռոմաիա շրջանի բնակիչներուն։

Ընդառաջելով Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի կոչին <<ըլլալու Էմիլիա Ռոմանիայի Բարի Սամարացիները>> Լուկանոյի թեմի ժողովրդապետութիւնները դրամահաւաք մը կազմակերպած են որու ընթացքին 150 հազար ֆրանք հաւաքած են, գումարը յատկացնելով Պոլոնիայի, Մոտենայի, ֆէրրարայի եւ Գարբիի թեմերուն։ Նշենք որ 2012-ի մայիսին զօրաւոր երկրաշարժ մը ցնցած էր իտալիոյ Էմիլիա Ռոմանիա շրջանը մահեր ու ծանր վնասներ պատճառելով։








All the contents on this site are copyrighted ©.